2017-01-10 09:20:00

«Քապուժիի նմաններուն կարիքը ունինք` Պաղեստինեան դատը պաշտպանելու համար» շեշտեց Լահհամ Պատրիարք


Անտիոքի եւ համայն արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը երկուշաբթի, 9 յունուարին, առաւօտեան Ռապուէի Սայիտաթ Պշարա եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց յոյն կաթողիկէ համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ, Երուսաղէմի առաջնորդ Հիլարիոն արք. Քապուժիի յուղարկաւորութեան արարողութեան, որուն ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ` նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ` երեսփոխան Միշել Մուսա, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքի ներկայացուցիչ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս, Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի ներկայացուցիչ` Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Աշրաֆ Տապպուր, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ներկայացուցիչ` Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի, պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիա, ինչպէս նաեւ շարք մը հոգեւորականներ եւ քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ:

Յուղարկաւորութեան ընթացքին Լահհամ պատրիարքը յայտնեց, որ Քապուժիի նմաններուն կարիքը ունինք` պաղեստինեան դատը անկեղծօրէն պաշտպանելու համար:

Իր կարգին, արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի անունով Քապուժի արքեպիսկոպոսի դագաղին զետեղեց «Քոմոնտոր» աստիճանի Մայրիներու ազգային շքանշան:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.